Միջնադարեան մեր մատենագիտութեան մէջ Մովսէս Խորենացիի յօրինած աւանդութիւնը ճանչցուած է իբրեւ ճշմարիտ՝ իրական: ԺԴ. դարու ձեռագիրի մը մէջ ալ դաստակերտ-ամրոցի հիմնադրման տարին կը համարուի Ք․ա․ 2166 թուականը:
Գառնիի դերը մեծ է յատկապէս հելլենիստական շրջանի (Ք․ա․) Գ.-Ա. դարերուն եւ անոր յաջորդած դարերու հայկական մշակոյթի էական գիծերը վեր առնելու տեսանկիւնէն: Այս շրջանի քաղաքներու կառուցապատման, ճարտարապետական ու կենցաղային արժէքներու մասին հիացմունքի խօսքեր ձգած են Ստրապոնը, Պլուտարքոսը, Ապպիանոսը: